2014-10-22 12:37:50

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Աուզայյի ելոյթը ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի, Իսրայէլ – Պաղեստին հարցին հայող նիստի ընթացքին


(Ռ.Վ. 22 հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին, ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդի, Իսարյէլ – Պաղեստին հարցին հայող, գումարուած նիստին ընթացքին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Աուզա իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ Սուրբ Աթոռը մեծ մտահոգութեամբ մօտէն կը հետեւի միջին արեւելքի կացութեան եւ թէ որպէս շրջանի մէջ տիրող հարցերու լուծում` միշտ հրաւիրած է դիմել բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան։
Գերապայծառ Աուզա անդրադառնալով միջին արեւելքի մէջ օրէ օր վատթարացող ներկայ իրավիճակին, ժողովականներուն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապի ի գործ դրած ջանքերը եւ կոչերը՝ դիմելու բանակցութիւններու եւ յարգելու միջազգային մարդկային հիմնական իրաւունքները, նշելով Ֆրանչիսկոս Պապի, այս ուղղութեամբ կատարած աշխատանքները ինչպէս վերջերս Վատիկանի մէջ գումարուած Միջին արեւելքի Առաքելական նուիրակներու ժողովը , ու երկուշաբթի 20 հոկտեմբերին, վատիկանի մէջ գումարուած Միջին Արեւելքի Կարդինալական վեհաժողովը Արեւելքի Եկեղեցիներու պատրիարքներու մասնակցութեամբ։
Գերապայծառ Աուզա ակնարկելով Սուրիոյ ողբերգական կացութեան , ներկաներէն խնդրեց՝ անմիջապէս կասեցնել մարդկային իրաւունքներու խախտումը եւ յարգել տալ մարդկային հիմնական իրաւունքները։ ինչպէս նաեւ հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը օժանդակելու պայքարի մէջ գտնուող կողմերուն՝ խաղաղ լուծումներ գտնելու։
ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտը ՄԱկ-ի ապահովական խորհուրդին ուղղած խօսքին աւարտին վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի կոչը ուղղուած Միջին արեւելքի հոգեւոր գերագոյն պետերուն, կարեւոր դեր կատարելու Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-մշակութային երկախօսութեան մարզէն ներս ու դատապարտելու որեւէ կրօնի անունով կատարուած արարքները։







All the contents on this site are copyrighted ©.